«ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԱԼԵՆ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆ

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախկին նախարար Ալեն Թապուրեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր  հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին նկատմամբ կը ցուցաբերուի քաղաքական վերաբերում:

Ան նկատել տուաւ, որ ելեկտրականութեան թղթածրարը կարելի չէ մասնատել` աւելցնելով, որ այդ մարզին մէջ արձանագրուած բացը օրըստօրէ կը շեշտուի, յատկապէս միջազգային առումով քարիւղի սակի բարձրացման ի տես:

Ա. Թապուրեան հաստատեց, որ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման համար յատկացուելիք գումարները կարելի պիտի ըլլայ վերստանձնել յառաջիկայ 3 տարուան ընթացքին` աւելցնելով, որ առանց ներդրում կատարելու կարելի չէ արդիւնքի յանգիլ:

Միւս կողմէ, Ա. Թապուրեան հարցազրոյց մը ունեցաւ նաեւ «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ` շեշտելով, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը պէտք է վաւերացնել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` նկատի ունենալով, որ կարելի չէ փոքր գործարանները անջատել մեծ գործարաններէն: Ան աւելցուց, որ մէկ միլիառ 200 միլիոն արժող ծրագիրը երկրին համար բաւարար չէ եւ պէտք է աշխատիլ 5 միլիառ արժող ծրագիր մը իրականացնելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES