ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ- ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈ՞ՒՄ

Թրքական «Թըրքիշ էն.Ուայ.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ընդունած է Թուրքիա այցելող Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը:

Թրքական լրատուամիջոցին համաձայն, սրբազան Պարսամեան Թուրքիա այցելած է` մասնակցելու համար «Փոփոխութեան ղեկավարներու գերաստիճան» խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին հանդիպում ունեցած է Տաւութօղլուի հետ: Հանդիպումին մանրամասնութիւնները յայտնի չեն:

Առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարչութեան պետ փրոֆ. Մեհմետ Կէօրմեզի հետ:

14-15 մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովը կազմակերպուած է «Թուրքիոյ ապագայի հետազօտութիւններու հիմնադրամ»ին եւ Պոլսոյ համալսարանի կողմէ: Խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Պոլիս մեկնած են ներկայ եւ նախկին ղեկավարներ, քաղաքական եւ տնտեսական գործիչներ ու մտաւորականներ:

 

Share this Article
CATEGORIES