ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ` ՍԼՈՎԱՔԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Ռուսական մամուլը երէկ լայնօրէն անդրադարձաւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Սլովաքիա – Հայաստան Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին, որուն ընթացքին դաշտին տէրերը 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեցին Հայաստանէն:

Eurosport.ru յայտնեց. «Հայաստանի հաւաքականը այս յաղթանակէն ետք ամրապնդեց իր դիրքը Բ. խմբակին մէջ: Մակեդոնիոյ եւ Այիրի դէմ եւս յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Հայաստան յոյս պիտի ունենայ գրաւելու Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը»:

sovsport.ru նշեց. «Հայաստանի այս յաղթանակը կարելի է Ռուսիոյ համար նկատել արքայական նուէր մը, որովհետեւ Հայաստանէն բացի, այդ յաղթանակը կարեւոր եղաւ նաեւ Ռուսիոյ համար»:

Այլ օրաթերթեր ընդգծեցին, որ Ռուսիա պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ Հայաստանի` արձանագրուած այս յաղթանակին համար, որովհետեւ յաջորդ մրցումին, Ռուսիա նոյնիսկ եթէ հաւասարութիւն մըն ալ արձանագրէ, պիտի ապահովէ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:

Այլ օրաթերթ մը բառախաղ կատարելով ըսաւ, որ «Հայաստան սատկեցուց ճանճը»: Սլովաքիոյ բերդապահին մականունն է Մուխա, որ ռուսերէնով կը նշանակէ ճանճ: Չորս կոլ նշանակելով անոր բերդին մէջ, ըստ օրաթերթին, «Հայաստան սատկեցուցած եղաւ ճանճը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES