ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՀԱՆԴԷՊ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԿԱՆԻՇԸ ՀԱՍԱԾ Է ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆԻՆ

Նիքոլա Սարքոզի

Ըստ Ֆրանսական հասարակական կարծիքի հիմնարկի ընկերաբաններու հետազօտութիւններուն, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նկատմամբ վստահութեան վարկանիշը հասած է սեպտեմբեր 2010-էն սկսեալ ժամանակահատուածին առաւելագոյնին:

Ըստ «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթի տուեալներուն, ապրիլ 2011-ին Սարքոզիին վստահութիւն յայտնած էին հետազօտութեան մասնակիցներուն ընդամէնը 30 առ հարիւրը: Ըստ վերոյիշեալ հիմնարկի փորձագէտներուն, Սարքոզիի նկատմամբ վստահութեան աճին քանի մը գործօն նպաստած է: Նախ եւ առաջ, ֆրանսացիներու մեծ մասը դրական վերաբերած է Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ Սարքոզիի` Մոամմար Քազզաֆիի հակառակորդներուն ցուցաբերած աջակցութեան: Երկրորդ` Ֆրանսայի քաղաքացիները գնահատած են պետական պարտքը կրճատելու եւ պիւտճէի բացը նուազեցնելու Սարքոզիի ձգտումը, եւ երրորդ` ֆրանսացիները դրական կերպով ընդունած են երկրի առաջին տիկին Քարլա Պրունիի յղի ըլլալու լուրը, յատկապէս Դրամական միջազգային ֆոնտի նախկին ղեկավար եւ նախագահական նախկին թեկնածու Տոմինիք Սթրոս-Քանի անուան հետ կապուած գայթակղութեան ենթահողին վրայ:

Ըստ ընկերաբաններուն, հարցախոյզին արդիւնքները որոշ չափով կը մեծցնեն 2012-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Սարքոզիի առիթները: Բայց եւ այնպէս, ան քուէարկողներու շրջանակին մէջ հեղինակութեան աստիճանով տակաւին կը զիջի միայն Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Հոլանտին:

 

Share this Article
CATEGORIES