ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Լրատուութիւն` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ լիբանանահայ գործարար Նազարեթ Սապունճեանը նախարարութեան ոսկի մետալով պարգեւատրումին մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Տիար» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):
– Անդրադարձ. 1916-ին հրատարակուած «Արաբներուն յեղափոխութիւնը» գիրքին: Գիրքին հեղինակին պարագային կը շեշտուի, որ ան լիբանանցի է, նշումներ կը կատարուին, Հայկական հարցին մասին, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն ու հայերուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած սպանդներուն:
– Լրատուութիւն` Լա Հէյի մէջ Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի դէմ ներկայացուելիք բողոքին մասին: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Անգարա իր բողոքը ներկայացնէ Իսրայէլի դէմ` Կազայի շրջափակման անոր քայլին ընդդիմանալու դէմ:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Շարք Աուսաթ», «Տիար» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):
– Ակնարկ. Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը մերժէ Թուրքիայէն ներում հայցել, իսկ Թուրքիա կը վտարէ Պոլսոյ մէջ իսրայէլացի դեսպանը:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Լորիան լը Ժուր», «Տէյլի Սթար», «Լիուա», «Ախպար», «Շարք Աուսաթ», «Տիար» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ այն տեղեկութեանց, որ Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի դեսպանին վտարումը կ՛արժանանայ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ողջոյնին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Նահար», «Շարք», «Տիար» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):
«ՏԻԱՐ»
– Լրատուութիւն այն մասին, որ թուրք սպայ մը եւ անոր կինը կը սպաննուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ:
– Անդրադարձ. Թուրքիա կը յայտարարէ, որ Իսրայէլի հետ իր տնտեսական եւ զինուորական բոլոր յարաբերութիւնները սառեցուցած է:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Նահար», «Շարք Աուսաթ», «Անուար», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Լորիան լը Ժուր», «Շարք», «Լիուա», «Ախպար» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):
«ՀԱՅԱԹ»
– Լրատուութիւն` Իսրայէլի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Սթենլի Ֆիշըրի կողմէ Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւններու վատթարացման վտանգներէն զգուշացումներուն մասին: