ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸՐՐԻՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը:

40 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Պըրրի նախագահական պալատէն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` ազգային անվտանգութեան պահպանումին եւ բանակի զինումին առումով:

Հանրապետութեան նախագահին այցելուներէն եղան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի:

Share this Article
CATEGORIES