ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսել:

Օրուան առաջին կիսուն Հայաստանի վարչապետին անունով ճաշկերոյթ սարքուեցաւ, ի պատիւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարթենսի: Երէկ վարչապետ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ժոաքիմ Ալմունիայի, Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Օթինկերի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ-Մանուէլ Պարոզոյի, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ:

Հայաստանի վարչապետը երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահութեան անդամներուն հետ աշխատանքային ընթրիքի մը, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Մայոր Օրեխայի հրաւէրով:

Share this Article
CATEGORIES