«ԱՏԻՏԱՍ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»Ի ԵՒ «ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒՆ ԻՐ ՆՈՐ ԳՆԴԱԿՆԵՐԸ
Պաշտօնական յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, «Ատիտաս» ներկայացուց «Չեմփիընզ լիկ»ի եւ «Եուրոփա լիկ»ի մրցաշարքերուն 2011-2012 տարեշրջանի իր նոր գնդակները:
«Չեմփիընզ լիկ»ի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ խմբակներու դրութեամբ, խումբերը իրենց մրցումները պիտի կատարեն «Ատիտաս Ֆայնըլ-11» գնդակով: Իսկ փլէյ-օֆի եւ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն համար նախատեսուած գնդակը պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի 2012-ին:
CATEGORIES Մարզական