ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ՆՈՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻՆ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանին մէջ երէկ սկսաւ «Նոր մօտեցումներ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնահարցին» խորագիրով գիտաժողովը, որ նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին:
Համալսարանի նախագահ, քաղաքագէտ Սուրէն Զոլեան նշեց, որ այսպիսի գիտաժողովները կը նպաստեն ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի մասին աւելի ճշգրիտ պատկերացումներ կազմելու:
Ըստ անոր, այսօր Լեռնային Ղարաբաղի առջեւ դրուած են երկու խումբ խնդիրներ` ներքին եւ արտաքին: Եւ այսօր` քսան տարի ետք նոր մօտեցումներ պէտք են զանոնք լուծելու համար:
«Արտաքին խնդիրներէն առանցքայինը Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումն է, որուն ուղղութեամբ մեծ աշխատանքներ կը տարուին», նշեց Ս. Զոլեան:
Անդրադառնալով ներքին խնդիրներուն` քաղաքագէտը կարեւոր նկատեց այն, որ Լեռնային Ղարաբաղը ունի պետութեան բոլոր յատկանիշները եւ օրէ օր աւելի յստակ կը դառնայ անոր զարգացումը:
Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, վերլուծաբաններ, ինչպէս նաեւ ուսանողներ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն, Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանէն եւ Արցախի պետական համալսարանէն:
Քաղաքագիտական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Տիգրան Թորոսեան իր զեկուցումին մէջ նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ տեսական մօտեցումներուն մշակումը շատ կարեւոր է` հետագային զանոնք բանակցային փորձին մէջ կիրարկելու տեսանկիւնէն: