ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՎԱՐՈՐԴՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ

Հանրային փոխադրութեան ծառայութեան վարորդներու սենտիքան երէկ Տորայի եւ Ամշիթի մէջ գործադրեց գործադուլ մը` իբրեւ բողոք ելեւմուտքի նախկին նախարար Ռայա Հասանի տուած որոշումին անտեսման դէմ:

Նշենք, որ նախկին կառավարութեան օրով որոշուած էր իւրաքանչիւր վարորդի ամսական դրութեամբ 12,5 թիթեղ պենզին յատկացնել:

Միւս կողմէ, հանրային փոխադրութեան ծառայութեան վարորդներու հիւսիսային Լիբանանի սենտիքայի նախագահ Ահմետ Խատտուրա Զպիտի Թրիփոլիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ 15 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ գործադուլ եւ բողոքի ցոյց:

Զպիտի կոչ ուղղեց հիւսիսային Լիբանանի բոլոր վարորդներուն յառաջիկայ հինգշաբթի, 15 սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 10:00-ին մասնակցելու Թրիփոլիի Քուրա հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք ցոյցին:

Վարորդներուն ներկայացուցած այս  պահանջներուն կողքին, յայտնենք, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան որոշումով` յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր գործադուլ եւ ցոյց:

Համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին համադաշնակցութեան պատուիրակութիւնը պահանջած է  սրբագրել լիբանանցիներուն աշխատավարձերը` աւելցնելով, որ համադաշնակցութեան պահանջներէն մէկն է, որ նուազագոյն աշխատավարձը ըլլայ մէկ միլիոն 250 հազար լ. ոսկի, իսկ միւսը` փոխադրածախսը 8 հազար լ. ոսկիի փոխարէն դառնայ 16 հազար լ. ոսկի, ինչպէս նաեւ կրթական նպաստներու եւ ընտանեկան թոշակներու սակերը յաւելում արձանագրեն:

Share this Article
CATEGORIES