ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2001-Ի ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՆԱՆ
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումի տասնամեակի օրերուն ահաբեկչական յարձակումէ մը զգուշանալով` Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ հետախուզական աշխատանքներ կը կատարեն:
Ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «դաշնակցային իշխանութիւններուն կարծիքով, 11 սեպտեմբերի տասնամեակի օրերուն ահաբեկչական գործողութիւններու իրականացման զգալի վտանգ գոյութիւն ունի: Վտանգուած են Նիւ Եորքը եւ Ուաշինկթընը: Իշխանութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կասկածելիներու մասին որոշակի տեղեկութիւն ունին եւ կը յայտնեն, որ անոնք կապ ունին Քայիտայի հետ, սակայն անուններ չեն հրապարակեր»:
Այս առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պահանջած է ուժեղացնել անվտանգութեան միջոցառումները: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ «նախագահը հակաահաբեկչական մարմիններէն կը պահանջէ կրկնապատկել այդ` թէեւ վստահութեան արժանի, սակայն չհաստատուած տեղեկութեան արագ արձագանգելու ուղղուած ջանքերը»:
Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնն ու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակը իրաւապահ մարմիններուն համար ահաբեկչութեան իրականացման նոր սպառնալիքի կապակցութեամբ յատուկ հրահանգ պատրաստած են: