ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ հաստատեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումը բոլորին համար նուաճում է` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային այդ ծրագիրը վաւերացուի նաեւ խորհրդարանին կողմէ:
Ժոմպլաթ շեշտեց նաեւ, որ ըստ երեւոյթին, իրենք մուտք գործած են ելեկտրականութեան տագնապի լուծման գործնական հանգրուանին մէջ:
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը ընդգծեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին գործադրութիւնը արդէն իսկ ընթացք առած է` աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ շրջանցել պետական պաշտօնեաներու նշանակման հանգրուանը, առանց բարդութիւններու: Այս ծիրին մէջ Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ պետական պաշտօնեաներու նշանակման առումով մեծ բացթողումներ կան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է նշանակումները կատարել ատակութեան չափանիշներու եւ ոչ թէ քաղաքական արժեչափերու հիման վրայ: