ՍԱՐՔՈԶԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ՄԵՏՎԵՏԵ՞ՒԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ

Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն որոշումով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ իւրայատուկ կարգի յաջորդականութեան մը ծիրին մէջ գլխաւոր միջնորդի դերակատարութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի փոխարէն կրնայ փոխանցուիլ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի:

Աղբիւրը նշած է, որ իրականացուելիք փոփոխութեան հետ մէկտեղ կրնան գործադրուիլ «խաղաղութեան պարտադրման» միջազգային նոր մեքանիզմներ, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ վերահսկուող տարածքի ստեղծում, որուն պիտի յաջորդէ վիճելի տարածքին մէջ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայումը:

Share this Article
CATEGORIES