ՀԱՅ ԹԻԿՆԱՊԱՀՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԲԱԶՄԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Kianews.com.ua կայքէջը կը յայտնէ, որ 23-27 սեպտեմբերին ուքրանական Եալթա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան թիկնապահներու բազմամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները:
Այս մրցումներուն կազմակերպիչ կոմիտէն կը յայտնէ, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 22 երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստան:
Մասնակցողները պիտի մրցին շատ կարեւոր անձնաւորութիւններու (VIP) ընկերակցելու ընթացքին իրենց քալած ձեւը ներկայացնելով, ձեռնամարտ կատարելով, տարբեր դիրքերէ արագութեան վրայ կրակելով, ինչպէս նաեւ արգելքներով ցցուած ճամբաներու մէջէն ինքնաշարժով դուրս գալով եւ պայթուցիկներ փնտռտելու աշխատանք կատարելով:
CATEGORIES Մարզական