ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ» ՊԱՀԱՆՋՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Իրանի մէջ տեղաբնակ ազրպէյճանցիներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են: Բախումները տեղի ունեցած են Թաւրիզի մէջ` Թեհրանի Էսթեքլալ եւ Թաւրիզի Տրախթուր Սազի ֆութպոլի խումբերուն հանդիպումէն ետք:

Մեծ թիւով ազրպէյճանցիներ մարզադաշտին մէջ պարբերաբար բացագանչած են` «Կեցցէ՛ Թաւրիզ մայրաքաղաքով միասնական Ազրպէյճանը», «Կեցցէ՛ Ազրպէյճանը, իսկ ով որ չ՛ուզեր, թող կուրնայ»: Մրցումէն անմիջապէս ետք ոստիկաններուն եւ ազրպէյճանցիներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, բախումին ընթացքին ձերբակալուած է յայտնի գործիչ, նախկին քաղաքական բանտարկեալ Ապպաս Լիսանի:

 

Share this Article
CATEGORIES