ՊԱՅԹՈՒՄ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՄԷՋ
Զոհ մը արձանագրուեցաւ եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ հարաւային Ֆրանսայի Մարքուլ հիւլէական կայանին մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Ֆրանսացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ հնոցի մը մօտ գտնուող շողարձակ թափօններու ամբարման վայրի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք շողարձակ նիւթերու հոսք տեղի չունեցաւ:
Հնոցը կը գտնուի Միջերկրական ծովուն մօտ գտնուող Կարտ նահանգի Լանտոք-Ռուսիյոն շրջանին մէջ:
CATEGORIES Միջազգային