ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով զօրակցած են Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքներուն:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու կը մնայ ու նախանձախնդիր է Լիբանանի եւ ամբողջ Արեւելքի մարոնի համայնքի հոգեւոր գերագոյն սինոտին արտայայտած կեցուածքներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան