ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան մամլոյ խօսնակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան նախարարներու խորհուրդը երէկ Պրիւքսելի մէջ կայացած նիստի ընթացքին որոշած է Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել:
Ըստ Եւրոպական Միութեան մամլոյ բանբերին, մէկ տարուան համար առաքելութեան տրուելիք գումարը պիտի կազմէ 23.9 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պաշտօնապէս աշխատանքի սկսած է հոկտեմբեր 2008-ին` այդ տարուան օգոստոսին տեղի ունեցած ռուս-վրացական պատերազմէն ետք: Առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն աւելի քան 200 անզէն դիտորդ:
ՄԱԿ եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Վրաստանի մէջ իրենց աշխատանքը աւարտած են 2009-ին: Այսպիսով Եւրոպական Միութիւնը միակ կազմակերպութիւնն է, որուն դիտորդները Վրաստանի մէջ կը շարունակեն իրենց դիտորդական առաքելութիւնը:

