ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

Նախանցեալ օր, ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ զինադադարի հերթական խախտման իբրեւ հետեւանք` Մարտակերտի պաշտպանական ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն վրայ հրազէնային վէրք ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զինուոր, 18-ամեայ Վահէ Ներսէս Մանուկեանը: Վիրաւորին վիճակը միջին ծանրութեան է:

Բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինը կը տեղեկացնէ, որ միջադէպին առթիւ քննութիւն կը կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES