ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼ

Երէկ սկսաւ Ազգային ժողովի 10-րդ նստաշրջանը: Ներկայ էին 91 պատգամաւորներ:

Նիստի պաշտօնական բացումէն ետք Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բարձրացուց Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները օրակարգէն հանելու եւ Հայաստանի ստորագրութիւնը վերցնելու հարցը: Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան այս գծով յայտնեց, որ արձանագրութիւններու դադրեցման լիազօրութիւնները Հայաստանի նախագահին կը պատկանին եւ եթէ այս ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութիւնը դարձեալ առաջարկէ երկրին խորհրդարանին օրակարգին մէջ ընդգրկել արձանագրութիւնները, ապա այն ժամանակ հանրապետութեան նախագահը որոշում պիտի տայ:

Արմէն Ռուստամեան նաեւ կոչ ուղղեց նման առաջարկ մը ներկայացնել նախագահին:

Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան կոչ ուղղեց նաեւ Հայաստանի ստորագրութիւնը արձանագրութեան տակէն վերցնելու: Ան նշեց, որ անոնք արդէն դուրս եկած են Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն եւ այդ երկրին պաշտօնեաները կը շարունակեն հակահայկական կեցուածք դրսեւորել:

Share this Article
CATEGORIES