ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԴԻՄԱԴՐԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՐԵՒԷ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի «Թելէ Լիպան» պատկերասփիւռի պետական կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան մասին ինք մտավախութիւններ չունի` աւելցնելով, որ հարկ է նաեւ երկրին մէջ ամրապնդել քաղաքական կայունութիւնը, նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող քաոսային իրավիճակը:

«Մենք քաղաքական ասպարէզին մաս չենք կազմեր, սակայն մօտէն կը հետեւինք քաղաքական իրադարձութիւններուն, որպէսզի կազմ ու պատրաստ ըլլանք երկրին ապահովութիւնը հակակշռելու եւ որեւէ սադրանքի փորձ իր օրօրոցին մէջ սպաննելու համար», ըսաւ ան:

Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է դիմադրելու Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք իսրայէլեան որեւէ յարձակումի, ըլլայ անիկա ցամաքային թէ ծովային:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակը եւ  Լիբանանի ապահովական կառոյցը մնայուն գործակցութեան մէջ են` շեշտելով, որ հարկ է լիբանանեան բանակին հանդէպ զօրակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդուի: Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ ինք այս նպատակով Ուաշինկթըն պիտի այցելէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES