ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի նորանշանակ դեսպան Մոհամետ Մուսթաֆա Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտանը:
Հանդիպումէն ետք Թուֆիք յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցած լիբանանցիներուն` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ գործակցութիւնը կը բարելաւուի եւ կ՛ամրապնդուի, յատկապէս տնտեսական, մշակութային, առեւտրական, զբօսաշրջութեան ու ներդրումի մարզերուն մէջ:
Միւս կողմէ, Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի ստացաւ շնորհաւորական հեռագիր մը` յղուած Ալճերիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Ապտելազիզ Զիարիի կողմէ:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի օր, քննարկելու համար 700 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք արտադրելու ծրագիրին կարելիութիւնը: