ԿԻՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին, յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ վարժողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է զարգացնել կիներու վարչական եւ կազմակերպական կարողութիւնները, զանոնք օժտել հաշուապահական ու ելեւմտական գիտութեան հմտութեամբ, ինչպէս նաեւ բարելաւել անոնց շուկայական եւ վաճառքի կարողութիւններ:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կողմէ վարժողական այս ծրագիրը կը գործադրուի գործակցութեամբ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակի խորհուրդին:
Կիներու յատուկ վարժողական այս ծրագիրին մասնակցելու համար արձանագրութիւնները արդէն սկսած են եւ հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի հեռաձայնել` 01-744167, 05-955101 եւ 03-399462 թիւերուն եւ կամ ուղղակի կապ հաստատել խորհուրդին յատուկ պաշտօնական կայքէջին` www.nclw.org.lb ընդմէջէն:
Նշենք, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպած այս վարժողական ծրագիրին մասնակցելու համար ճշդուած է խորհրդանշական գումար մը, իսկ մասնակիցներուն թիւը պիտի ըլլայ սահմանափակ: