ԸՍՏ «ՄՈՍՔՈՎՍՔԻԷ ՆՈՎՈՍԹԻ» ԵԹԷ ԱԼԻԵՒ ԱՊՀ-Ի ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԷՐ, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՅԱՌԱՋԱՆԱՐ

Ռուսական «Մոսքովսքիէ Նովոսթի» օրաթերթը` անդրադառնալով Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ երկիրներու նախագահներու հանդիպումին կը գրէ, որ եթէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակցէր ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, կարելի պիտի չըլլար միջազգային գայթակղութենէ խուսափիլ:

«Ազրպէյճանի, Ուզպեքիստանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահներու բացակայութիւնը երբեք չխանգարեց ԱՊՀ յոբելենական վեհաժողովի յաջողութիւնը: Շաբաթներ առաջ Պաքուէն արդէն տեղեկացուցած էին, որ Իլհամ Ալիեւ պիտի չկարողանայ Տուշանպէ ժամանել: Ատոր պատճառը ոչ պաշտօնական կերպով մեկնաբանուեցաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի բացակայութեամբ, որ անհնար կը դարձնէր Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հաւանական հանդիպում:

«Սակայն վեհաժողովի մեկնարկումէն օրեր առաջ Իլհամ Ալիեւ Տաճիկիստանի նախագահին հեռաձայնած էր եւ անգամ մը եւս ներողութիւն խնդրելով բացատրած, որ ճիշդ այդ օրերուն իր դստեր ամուսնութիւնն է», կը գրէ օրաթերթը` շարունակելով. «Սակայն, հաւանաբար, աւելի լաւ եղաւ, որ Ալիեւը չմասնակցեցաւ Տուշանպէի վեհաժողովին: Հակառակ պարագային Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի անսպասելի կտրուկ ելոյթի պատճառով միջազգային գայթակղութենէն կարելի պիտի չըլլար խուսափիլ»:

Ռուսական օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ նախագահ Սարգսեանի ելոյթէն ետք ազրպէյճանական պատուիրակութեան նախագահ, վարչապետ Արթուր Ռասիզատէ երրորդ անգամ խօսք առած է` «Հայաստանի ոչ կառուցողական դիրքորոշումը» ընդգծելու համար:

«Մոսքովսքիէ Նովոսթի» կը նշէ նաեւ, որ ԱՊՀ-ի «պատրիարքներէն» Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի` վեհաժողովի արդիւնքները ամփոփելէն քանի մը վայրկեան ետք Ազրպէյճանի վարչապետը հեգնած է` ըսելով. «Կարելի է այնպէս ըլլայ, որ ճիշդ այստեղ` երկիրներու նախագահներու յոբելենական վեհաժողովին քուէարկութեան դրուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հարցը»:

Share this Article
CATEGORIES