ՕՊԱՄԱ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Կ՛ԸՆԴԴԻՄԱՆԱՅ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋԻՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա դարձեալ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ բուռն կերպով պիտի ընդդիմանան պաղեստինեան անկախ պետութիւնը ճանչնալու գծով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած որեւէ պահանջի: Ան նշեց, որ այդպիսի քայլ մը շինիչ չէ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իր կարգին յայտնեց, որ «Պաղեստինեան պետութեան անկախութեան ճանաչում ստանալու համար ՄԱԿ-ին ներկայացուած պաղեստինեան դիմումը վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի միջոցով պաղեստինեան պետութեան անկախութիւնը հռչակելու պաղեստինեան ջանքերուն նախօրեակին շրջան պիտի ուղարկէ երկու պատուիրակներ` պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութիւնները վերակենդանացնելու նպատակով:

Քլինթըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հարկ է ուղղակի բանակցութիւն կատարելու յարմար մթնոլորտ ստեղծել, «եւ մենք գիտենք, որ ՄԱԿ-ի մէջ ինչ ալ պատահի յաջորդ օր ոչ մէկ բան պիտի փոխուի Միացեալ Նահանգներու փափաքած տեսլականէն` երկու պետութիւններու հաստատումէն, որուն ուժեղ կերպով կը զօրակցինք»: Ան նշեց, որ մնայուն լուծումի հասնելու միակ ձեւը երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններն են «եւ այդ մէկը իրականացնելու ուղին Երուսաղէմէն եւ Ռամալլայէն կ՛անցնի, եւ ոչ թէ Նիւ Եորքէն»:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ քաթարցի Նասեր Ապտել Նասեր յայտնեց, որ Պաղեստինեան պետութեան ՄԱԿ-ի անդամակցութեան պաղեստինեան դիմումին շուրջ քուէարկութիւնը հոկտեմբերէն առաջ պիտի չըլլայ: Ան աւելցուց, որ այդ ուղղութեամբ ցարդ պաղեստինեան կողմէն որեւէ դիմում չէ ստացած:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES