ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՔՈՊԵՐԱՑՔԻՆ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի տագնապներու կանխարգիլման կեդրոնի տնօրէն Ատամ Քոպերացքին:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին ԵԱՀԿ-ի շրջանային տագնապներու կանխարգիլման առնչուող շարք մը հարցեր:

Հիւրին խնդրանքով` Է. Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները` նշելով, որ Հայաստան հաւատարիմ է Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ խնդիրին բացառապէս խաղաղ լուծման:

Share this Article
CATEGORIES