ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆՆԵՐ ՎԱՐ Կ՛ԱՌՆԵՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՈՒՂՂԱԹԻՌ ՄԸ
Արցախի բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտող զօրքերու սահմանագիծին վրայ արձանագրուող զինադադարի դրութեան խախտման զուգահեռ, վերջին շրջանին աշխուժութեամբ կը գործէ նաեւ հակառակորդին օդուժը, որ կ՛իրականացնէ մարտաուսումնական, ինչպէս նաեւ հետախուզական բնոյթի թռիչքներ:
Ըստ բանակին տուեալներուն, վերջին օրերու ընթացքին հակառակորդի անօդաչու ուղղաթիռներ (ըստ որոշ տեղեկութիւններու, անոնք իսրայէլական արտադրութիւն են) բաւական մեծ յաճախականութեամբ հետախուզական թռիչքներ կը կատարեն սահմանային գօտիի ամբողջ երկայնքին, իսկ որոշ պարագաներուն ալ կը խախտեն Արցախի օդային սահմանը: Բանակի հակաօդայիններուն կողմէ այսպիսի բնոյթի թռիչքներու մասին արձանագրուած են վերջին տասնօրեակին:
Արցախեան տեղեկութիւններով, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զինուորները կործանած են ազրպէյճանական անօդաչու ուղղաթիռ-հետախոյզ մը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խոստացած է քանի մը ժամուան ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացնել, իսկ ազրպէյճանական կողմը ո՛չ կը հաստատէ, ո՛չ ալ կը հերքէ այդ տեղեկատուութիւնը:
Աւելի ուշ, Լեռնային Ղարաբաղի բանակին լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինը տեղեկացուցած է, որ 12 սեպտեմբերին բանակի օդային պաշտպանութեան եւ ռատիոելեկտրոնային պայքարի ստորաբաժանումներու կողմէ առնուած յատուկ նախաձեռնութիւններու իբրեւ արդիւնք, Մարտունիի շրջանի Վազգէնաշէն գիւղի մերձակայքին բանակը ոչնչացուցած է ազրպէյճանական զինուժի անօդաչու թռչող սարք մը: Ուղղաթիռէն մասերը կը գտնուին բանակի համապատասխան ծառայութիւններու տրամադրութեան տակ: Դէպքին մանրամասնութիւնները ուսումնասիրելու համար ստեղծուած է յանձնախումբ, եւ քննութիւն կը կատարուի:

