ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՓԻՒՆԻԿ ԵՒ ՈՒԼԻՍ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ
Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ: Մնացեալ երկուքը տեղի կ՛ունենան 25 սեպտեմբերին:
Փիւնիկ, որ Գանձասարի հիւրն էր, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով` անկէ խլեց երկրորդ դիրքը: Յովհաննէս Յովհաննիսեան (42-րդ) եւ Ղուկաս Պօղոսեան (74-րդ) նշանակեցին Փիւնիկի կոլերը, իսկ Արա Խաչատրեան` Գանձասարի կոլը (45-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք այժմ Փիւնիկ եօթը կէտով ետ կը մնայ Ուլիսէն, որ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Բանանցի` շնորհիւ Արտիոմ Ադամեանի նշանակած կոլին (55-րդ):
Ուլիս այժմ ունեցաւ 46 կէտ, Փիւնիկ` 39, իսկ Գանձասար` 38:
CATEGORIES Մարզական


