«ՈՒՔՐԱՆԻԱ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐՋ ԴՆԷ ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ ԿԱԶԻ ԿԱԽԵԱԼՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ
Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի ուքրանական «Սեվոտնիա» օրաթերթին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Քիեւին խորհուրդ տուած է յոյս դնել միայն ուժանիւթի սեփական հարստութեանց վրայ եւ անոր ներածման այլընտրանքային տարբերակներու վրայ, որովհետեւ «ուժանիւթի հարստութեանց մէկ մատակարարը` մահ է»:
Ան յայտնած է, որ Ուքրանիան ուժանիւթի հարստութեանց հետ կապուած շատ բարդ ժամանակաշրջանի մէջ է, որուն մէջէն Վրաստանը արդէն անցած է, եւ խորհուրդ տուած է ազատիլ այդպիսի կախեալութենէն, որովհետեւ այդ գործօնը դիւրին կերպով շանթաժի համար կ՛օգտագործուի:
«Ներկայիս մենք կազի մէկ մասը կը ստանանք Ռուսիայէն (իբրեւ տարանցման վճար), սակայն նաեւ այլ աղբիւրներ ունինք, ինչպէս նաեւ պահեստի մէջ քանի մը մատակարարներ: Ռուսիոյ մէջ այդ փորձառութիւնը հաշուի առած են: Հակառակ զինուորական ենթահողին, մեր յարաբերութիւնները աւելի կարգաւորուած ու աշխատանքային են: Ռուսական որոշ ընկերութիւններ կը շահագործեն ուժանիւթային տարրեր, որովհետեւ մենք առանձին այդ մէկը չենք կրնար ընել: Այդ իմաստով Ռուսիայէն կախեալ ենք: Սակայն անիկա նոյնպէս մեզմէ կախեալ է: Նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ չենք դադրեցուցած ելեկտրականութեան Ռուսիա արտածումը», ըսած է Սահակաշվիլի:
«Ընդհանրապէս լաւ է, երբ սահմանագիծին կը հասնիս, երբ արդէն կորսնցնելու ոչինչ ունիս: Ստիպուած ես մութ փապուղիէն աւելի արագ դէպի լոյս դուրս գալու», յայտարարած է Վրաստանի նախագահը:


