ՍԱՐՔՈԶԻ ԵՒ ՔԱՄԵՐՈՆ ԼԻՊԻԱ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Սարքոզի եւ Քամերոն` Լիպիոյ մէջ

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Լիպիա այցելեցին: Անոնք Թրիփոլիի գրաւումէն ետք Լիպիա այցելած  ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարներն են: Անոնց ղեկավարած երկիրները ՕԹԱՆ-ի լիպիական գործողութեան մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ստանձնած են եւ անոնք երկրին մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն:

Քամերոն եւ Սարքոզի Թրիփոլիի մէջ հանդիպում ունեցան Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին հետ, ապա Պենկազի այցելելով քաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ խօսք մը արտասանեցին:

Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտուլ Ժալիլ Թրիփոլիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երկու ղեկավարներուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիպիական ըմբոստութեան ընթացքին անոնց ցուցաբերած «քաջարի կեցուածքներուն» համար: «Անոնք մեզի ցոյց տուին քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական օժանդակութիւն, որ ըմբոստներուն օժանդակեց պետութիւն մը հաստատելու, եւ մենք ատոր համար Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք», ընդգծեց Ապտուլ Ժալիլ:

Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ ղեկավարները գովաբանեցին լիպիացի ժողովուրդին քաջութիւնը եւ խոստացան Ազգային փոխանցման խորհուրդի խաղաղ ու ժողովրդավարական պետութիւն ստեղծելու նպատակին զօրակցիլ:

Քամերոն յայտնեց, որ «Քազզաֆի տակաւին փախստական է: Պէտք է ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւնը պահենք մինչեւ որ բոլոր քաղաքայինները պաշտպանուած զգան եւ այս գործը աւարտած ըլլայ: Ձեզի պիտի օգնենք Քազզաֆին գտնելու եւ զինք արդարադատութեան յանձնելու, եւ ձեզի պիտի օգնենք ականներու եւ հակաօդային հրթիռներու նման վտանգաւոր զէնքեր Լիպիայէն դուրս մղելու»:

Սարքոզի իր կարգին լիպիացիներուն կոչ ուղղեց «վրէժխնդրութենէ եւ հակադարձելէ» զգուշանալու, ինչպէս նաեւ միասնականութիւնը պահպանելու եւ հաշտութեան ձգտելու: Ան ըսաւ, որ տնտեսական համաձայնութեանց եւ վերակառուցման համաձայնագիրներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, Ֆրանսա իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Ազգային փոխանցման խորհուրդի դիրքը ամրապնդելու եւ Քազզաֆիի վարչակարգի վերջին մնացորդը հետապնդելու վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES