ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ԱԽՊԱՐ ԵԱՈՒՄ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի չքննարկէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը, նախքան անոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ նախարարութիւնը հետաքրքրուած է քաղաքապետարաններուն կարողութիւններով եւ անոնց բարգաւաճման դերակատարութեամբ:

ՊՔԵՐՔԷԻ մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի կեցուածքները զարմանալի են, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ան ընկերակցած էր Ռայի պատրիարքին կատարած ֆրանսական շրջապտոյտին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու արարքը կարելի է սրբագրել միայն հրաժարականով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեան գոյութիւն չունի. ան աւելցուց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանէն հեռու կը գտնուի նիւթական հարցերու պատճառով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի «Նաշրա» կայքէջին յայտնեց, որ իրեն համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի յայտարարութիւնները դարձած են անհասկնալի կեցուածքներ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին իմացած է, որ Սուրիա կը զօրակցի Լիբանանի ներկայ կառավարութեան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ  նախարարութիւնը յանձնառու պիտի մնայ որեւէ որոշումի, որ կառավարութիւնը կու տայ` Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը պատրաստ պիտի ըլլայ առաւելագոյնը մինչեւ յաջորդ հոկտեմբերի սկիզբը:

ՍԱՄԻՐ Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ մարոնի բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ պատրիարքին միջեւ յարաբերութիւնը բացառիկ է եւ անոնք նեցուկ կը կանգնին Ռայի պատրիարքին:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ սալաֆական հոսանքի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ Շահհալ կոչ ուղղեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յետս կոչելու իր կեցուածքները, որոնք խանգարիչ են եւ վտանգաւոր` խաղաղութեան եւ հանրութեան շահերուն համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Իրան մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, Լիբանանի կառավարութեան, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան:

ՌԱՇԱՅԱՅԻ մէջ արձանագրուած է թունաւորումի 50 պարագայ: Աւելի ուշ բացայայտուած է, թէ 50 պարագաներն ալ թունաւորուած են նոյն ճաշարանին մէջ` հում միս ուտելու պատճառով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Հըզպալլայի հետ քաղաքական ոչ մէկ տարակարծութիւն ունի:

ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, Դամասկոս որոշած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր յարաբերութիւնները սառեցնել:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին կողմէ հրատարակուող եւ յուլիսեան պատերազմին վերաբերող խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի օրագրութեան մէջ արձանագրուած է, թէ պատերազմին առաջին օրն իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտած է, որ Հըզպալլա կը փափաքի քանդել Լիբանանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը այս կամ այն անձնաւորութեան կամ վարչակարգին պաշտպանութենէն կախեալ չէ:

ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը արձանագրած է 300 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ մազութին սակը` 400 լ. ոսկիի յաւելում:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES