ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼՐԱՂԱՑՆԵՐՈՒ ՏԷՐԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ալրաղացներու տէրերու համախմբումին մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Արսլան Սըննոյի:
Հանդիպումին ընթացքին Սըննօ յոյս յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը ըլլայ իրենց հեղինակութիւնը` նկատի ունենալով արհեստագիտական հարցերը, իսկ առեւտրական հարցերը, ինչպէս` հացին եւ ալիւրին սակերը ուղղակիօրէն կապուած ըլլան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան:
Սըննօ ընդգծեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտած է առողջարար սննդեղէն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ այդ չափանիշներուն պահպանումը անհրաժեշտ է եւ այդ նպատակով պէտք է գործակցիլ ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ պաշտօնական հաստատութիւններուն հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան