ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԷՅԼԱ ՍՈԼՀԸ ԵՒ ՔՈՆԵԼԼԻՆ

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Քոնելլի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ուալիտ պըն Թալալի անուան բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէն` ներկայութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման Լէյլա Սոլհ-Համատէն պարգեւատրեց Մայրիներու բարձրագոյն սպայի կարգի շքանշանով ու դրուատեց այդ հաստատութեան ունեցած բարիքները Լիբանանի ու լիբանանցիներուն համար:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց  Ուալիտ պըն Թալալի անուան հաստատութեան առաքելութիւնը նաեւ այն առումով, որ այդ հաստատութիւնը իր բարեսիրական ծրագիրներուն ընդմէջէն կ՛օժանդակէ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն անխտիր:

Իր  կարգին, Լէյլա Սոլհ-Համատէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` խոստանալով շարունակել Ուալիտ պըն Թալալի անուան հաստատութեան առաքելութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու

դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի շրջագիծին մէջ գործակցութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պաղեստինեան պետութեան ճանաչման հարցին:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկած է այս ամսուան ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդին Լիբանանի նախագահութեան եւ նախագահ Սլէյմանի Նիւ Եորք այցելութեան վերաբերող հարցեր:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Պութրոս Ասաքերը, որ նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին Ֆրանսա կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Էլի Մարունի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES