ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ ՔԱՐՎԱԼԻՕ ՄԷԿ ՏԱՐԻՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ
Ռէալ Մատրիտի մարզիկներէն փորթուգալցի Ռիքարտօ Քարվալիօ իր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ մէկ տարիով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Կիպրոսի դէմ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մրցումէն առաջ իր կազմը լքելով հեռացած էր` իմանալէ ետք, որ վերոնշեալ մրցումին իր անունը հիմնական մարզիկներուն կարգին չէ:
Նկատի ունենալով, որ ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կարեւոր նուաճումներ արձանագրեց, ֆետերասիոնը երկուքի փոխարէն մէկ տարիով կախակայեց Քարվալիոն, որ արդէն իսկ կը մտածէ միջազգային ասպարէզը լքելու մասին:
CATEGORIES Մարզական