ՔՈՆՍԹԱՆԹԻՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԷՆ ԱՌԱՋ ԼՔԵՑ ՄԱՐԶԻՉԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԸ
Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր ունեցած ձախողութեան պատճառով, Աւստրիոյ մարզիչ Տիթմար Քոնսթանթինի նախորդ շաբաթ յայտարարեց, որ զտումի մրցաշարքէն անմիջապէս ետք պիտի լքէ իր պաշտօնը:
Սակայն 56 տարեկան մարզիչը երէկ անակնկալ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ այժմէն իսկ կը լքէ իր պաշտօնը` չեղեալ նկատելով Աւստրիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը:
Երկու տարի առաջ Աւստրիոյ մարզիչ նշանակուած Քոնսթանթինի 23 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 7 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրեց 13 պարտութիւն:
CATEGORIES Մարզական


