ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ինքնավար մարզի վարչապետի երկրագործութեան հարցերու խորհրդական Թալեպ Մաուարետի, որ կը գտնուի Լիբանան` քննարկելու համար Լիբանանի եւ քրտական ինքնավար մարզին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Մաուարետ յայտնեց, որ նախարար Սապունճեանի հետ քննարկած է քրտական ինքնավար մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նոյն մարզի պատասխանատուներուն վրայ լիբանանցի գործատէրերուն ձգած տպաւորութիւնը եւ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:
Մաուարետ դիտել տուաւ, որ քրտական ինքնավար մարզին մէջ վերջերս կը գործադրուին ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, առեւտուրի եւ զբօսաշրջական բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ:
Իր կարգին, նախարար Սապունճեան ողջունեց երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու ցանկութիւնն ու ջանքերը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան արտադրութեան որակի պահպանման անհրաժեշտութիւնը: