ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՐԱԲՆԵՐԸ` ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱԼԷ

Անցեալ շաբաթ ես պատիւն ունեցայ ներկայ գտնուելու Պէյրութի մէջ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ հովանաւորուած յատուկ միջոցառումի մը, որ նուիրուած էր արաբերէնի թարգմանուած իմ նոր գիրքի հրատարակութեան` «Հայ-թրքական արձանագրութիւններ. ճշմարտութի՞ւն, թէ՞ խաբէութիւն»ի: Գիրքը այն 43 խմբագրականներուն ժողովածուն է, զորս վերջին երեք տարիներուն ընթացքին գրած էի վիճայարոյց արձանագրութիւններուն մասին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն Ճորճ Սապունճեանի ողջոյնի խօսքերէն ետք, Դամասկոսէն գիրքի թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ Սասունեանի խմբագրականները կը բացայայտեն Թուրքիոյ կառավարութեան կեղծ մտադրութիւնը: Ան յիշեցուց լսարանին, որ հեղինակը բանակցութիւններու սկիզբէն իսկ ճշգրտօրէն կանխատեսած էր, թէ Թուրքիան պիտի չյարգէ արձանագրութիւնները վաւերացնելու եւ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու իր խոստումը:

Դոկտ. Արիսեանէն ետք ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի նախկին նախարարներէն Միշել Էտտէն, որ երկարաշունչ եւ խորիմաստ յառաջաբան մը գրած էր գիրքին համար: Նախարար Էտտէ իր աշխատանքային բազմամեայ ու վաստակաւոր ասպարէզին մէջ զբաղեցուցած է հինգ նախարարական պաշտօններ` Լիբանանի տարբեր կառավարութիւններու ժամանակաշրջանին: Իր խօսքին մէջ վաստակաւոր նախարարը գովաբանեց հեղինակին վերլուծական խմբագրականները, գովեստի խօսքեր ուղղեց Լիբանանի հայկական համայնքին` երկրի զարգացման գործին մէջ անոր դերակատարութեան համար, եւ մեղադրեց Թուրքիան` Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար: Իր ելոյթի աւարտին նախարար Էտտէ անակնկալ յայտարարութիւն մը կատարեց` անձամբ 25 հազար տոլար նուիրելով Լիբանանի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Երեկոյի ելոյթները արաբերէնով էին` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ լսարանին մէջ ներկայ էին արաբ հիւրեր, իսկ գիրքը հասցէագրուած էր արաբ ղեկավարներուն եւ զանգուածներուն: Ես ալ իմ խօսքիս մէկ մասը արաբերէնով արտասանեցի: Զարմանալիօրէն տակաւին կը յիշէի արաբերէնը, զոր սորված էի աւելի քան 40 տարի առաջ, Պէյրութի Սոֆիա Յակոբեան Ազգ. քոլեճին մէջ:

Ես մատնանշեցի ներկաներուն, որ Թուրքիոյ կառավարութեան իրական մտադրութիւնն էր արձանագրութիւններուն շահարկումը` Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով, որպէսզի վերջինս հրաժարի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հետապնդելէ, նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու տպաւորութիւն ստեղծելով` զգուշացնել միւս երկիրները, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգները, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով չխոչընդոտեն այս շինծու հաշտեցումը եւ նոր ձեւաւորուող յարաբերութիւնները:

Աւելի՛ն. Թուրքիա կը ցանկար, որ Հայաստան վերադարձնէ Արցախը Ազրպէյճանի տիրապետութեան ու հրաժարի ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի պահանջէն, ինչպէս նաեւ կը փորձէր թուլացնել հայկական համընդհանուր միասնականութիւնը` սփիւռքը հայրենիքին դէմ լարելով:

Յամառօրէն հետապնդելով Հայաստանէն լրացուցիչ զիջումներ կորզելու իր նպատակը` Թուրքիոյ կառավարութիւնը շարունակեց մերժել վաւերացումը արձանագրութիւններուն, զորս ստորագրած էր երկու տարի առաջ: Չյաջողելով հասնիլ իր նպատակներուն` Թուրքիոյ խորհրդարանը անցեալ ամիս արձանագրութիւններուն դէմ վերջնական քայլի մը ձեռնարկեց` զանոնք հանելով իր օրակարգէն, արհեստական պատճառաբանութիւններ կատարելով:

Հայ-թրքական արձանագրութիւններու սոյն ձախողած փորձը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա շահագրգռուած է աւելի շատ դիւանագիտական խաղեր խաղալով եւ կեղծ տպաւորութիւն ստեղծելով, քան` խաղաղ համագոյակցութեան ձգտելով: Թուրքիոյ քայլերը կարելի չէ լուրջ համարել, իսկ միջազգային պայմանագիրերու տակ տեղ գտած Թուրքիոյ ղեկավարներու ստորագրութիւնները որեւէ արժէք չեն ներկայացներ:

Խօսքիս մէջ ես մատնանշեցի, որ թէեւ թուրք առաջնորդները հանդէս կու գային որպէս պաղեստինցիներու պաշտպան եւ բոլոր արաբներուն ու իսլամներուն աջակից, սակայն կը շարունակեն մնալ Իսրայէլի ռազմավարական գործընկերը եւ ծածուկ ձեւով անոր հետ կը կիսեն արաբական երկիրներուն ամէնէն զգայուն ռազմական գաղտնիքները:

Իմ կարծիքով, պաղեստինցիներուն եւ ընդհանրապէս արաբներուն պէտք չէ Թուրքիոյ նոր օսմանեան ղեկավարներուն կեղծ բարեկամութիւնը: Արաբները պէտք է պահանջեն, որ իրենց սեփակա՛ն ղեկավարները, այլ ոչ թէ օտարերկրեայ կեղծաւոր առաջնորդները պաշտպանեն իրենց ազգային շահերը:

Մենք վերջերս ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիա կը սատարէր Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ մէջ տիրող բռնատիրական համակարգերուն, մինչեւ վերջին պահը, երբ այդ երկիրներուն բռնատէրերը տապալեցան: Ասիկա իրական բարեկամութիւն չէ՛: Ասիկա բացայայտ պատեհապաշտութիւն է:

Քանի որ արաբները եւ հայերը, երկուքն ալ, կրած են սարսափելի տառապանքներ ու դաժանութիւններ օսմանեան լուծին տակ, ուստի կարելի չէ դիւրութեամբ յիմարացնել զանոնք` կեղծաւոր բարեկամական արարքներով: Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածները օգտուած են արաբներու հիւրընկալութենէն` ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ երախտապարտ են ատոր համար: Առանց նման մարդասիրական միջամտութեան` շատ աւելի հայեր զոհ կը դառնային:

Ելոյթի աւարտին իմ երախտագիտութիւնս յայտնեցի նախարար Միշել Էտտէին` գիրքիս համար ոգեշնչող յառաջաբան գրելուն համար, նաեւ` դոկտ. Նորա Արիսեանին, որ երկար ժամեր յատկացուցած է այս, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իմ նախորդ գիրքս անգլերէնէն արաբերէն թարգմանելուն համար: Շնորհակալութիւն յայտնեցի նաեւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին` երեկոյին ծրագիրը «Ազդակ» թերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպելու համար, ինչպէս նաեւ Համազգայինի հրատարակչատան` գիրքը հրատարակելուն համար. ապա առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանին եւ անոր պատկանող «Փիւնիկ» հիմնադրամին, գիրքին թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը հովանաւորելուն համար: Ծրագիրի վերջաւորութեան գիրքին մակագրուած օրինակները բաժնուեցան հիւրերուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES