«ԻՐԱՆ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ
Շաբաթ օր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Նախարար Նալբանդեան Իրանի նախագահին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձն ու բարեմաղթութիւնները:
Նախագահ Ահմատինեժատ, շնորհակալութիւն յայտնելով ուղերձին համար, խնդրեց իր ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին: Ահմատինեժատ, հայ-իրանական յարաբերութիւններով բնորոշելով պատմական եւ հինաւուրց, նշեց, որ Իրանը շահագրգռուած է բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց յաւելեալ ամրապնդումով:
Իրանի նախագահն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ զարգացող համագործակցութեան առումով` ընդգծելով աշխուժ փոխադարձ այցելութիւնները, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, տնտեսական եւ մշակութային կապերը: Անոնք շեշտեցին իրենց երկկողմանի պատրաստակամութիւնը աւելի եւս զարգացնելու փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ տնտեսական միացեալ ծրագիրներու իրականացման ընթացքը:
Աւելի ուշ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի բանակցութիւնները:

