ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻՆ «ԴԱԳԱՂԸ»

Դաշնակցական երիտասարդները Մոսկուայի համաձայնագիրին դագաղը կը զետեղեն Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ (Լուսանկարը տրամադրուած է Գաբրիէլ Փանոսեանի կողմէ)
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ «Ռուս-թուրքական համաձայնագիր` հայկական հողերու հաշուոյն», «Մենք ոչ կ՛ըսենք 16 մարտ 1921-ի համաձայնագիրին», «Ռուսիա պէտք է տայ 16 մարտ 1921-ի քաղաքական գնահատականը», եւ նմանատիպ պաստառներով, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները երէկ` 16 մարտին, Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակէն երթով շարժեցան դէպի Ռուսիոյ դեսպանատուն:
«Սա խայտառակ պայմանագիր է` իրականացուած միջազգային օրէնքների ոտնահարմամբ, որովհետեւ չկայ մի այլ նման դէպք, երբ երկու պետութիւններ երրորդ պետութեան մասին պայմանագիր կնքեն, այն էլ այն դէպքում, երբ այդ պետութիւններն իրենք էլ ճանաչուած չեն եղել», նշած է երթի մասնակից, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ աւելցուցած, թէ «դէմ չընդվզիլ` կարծում եմ սխալ է. մենք էլ պէտք է մեր տեսակէտը հնչեցնենք: Սա հայ ժողովրդի ոտնահարուած իրաւունքների հարցն է, եւ եթէ մենք սրա դէմ չենք ընդվզելու, ուրեմն անընդհատ դատապարտուած ենք լինելու կրկնել նոյն սխալները եւ այսպիսի կորուստներ ունենալ»:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնար պաշտօնական տեսակէտ յայտնել այն մասին, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ ճանչցած եւ պիտի չճանչնայ Մոսկուայի համաձայնագիրին, եւ թէ նոյն այդ Մոսկուայի պայմանագիրին հիման վրայ այնուհետեւ կնքուած ու Պոլշեւիկեան Հայաստանին պարտադրուած Կարսի համաձայնագիրը նոյնպէս անվաւեր է, սակայն նախարարութիւնը չէ ըրած այդ մէկը:
Պատգամաւորը կ՛առաջարկէ նաեւ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն եւս յետս կոչել Հայաստանի ստորագրութիւնը:
Բողոքի երթի մասնակիցները կը պահանջէին. «Դատապարտելով 1921-ի Մարտ-ի 16-ի Ռուս-թուրքական պայմանագիրը` պահանջել, որ Ռուսիա) անվաւեր ճանաչի այն»:
«Այս օրերին Ռուսիան ու Թուրքիան որոշեցին համատեղ ֆորում անցկացնել, որն անուղղակիօրէն նուիրւում է այդ յանցաւոր պայմանագրի կնքման 90-րդ տարեդարձին», իր կարգին ըսած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեան, ըստ որուն, այդ ֆորումը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով երկու երկիրներու «բարեկամութեան» վերահաստատման խորհուրդ կը պարունակէ, ինչ որ մտահոգութեան եւ նման ցոյցի պատճառ դարձած է:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կազմակերպած է նմանատիպ ցոյցեր, բայց քանի որ այս տարի Մոսկուայի համաձայնագիրին 90-ամեակն է, եւ Ռուսիան Թուրքիոյ հետ որոշած է նշել այդ իրողութիւնը, ապա ուրեմն` «մենք դա համարում ենք մեր ժողովրդի, մեր ազգի արժանապատուութեանն ուղղուած վիրաւորանք»:
«Ժամանակն է, որ բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրենք այն խնդրին, որ այս փաստաթուղթը Հայաստանի համար չի կարող որեւէ իրաւական հիմք ունենալ, եւ մենք տէր ենք մեր ժողովրդի անցեալի, ներկայի ու ապագայի բոլոր իրաւունքներին, եւ կը գայ մի օր, երբ կը վերահաստատենք դա` արդէն փաստացի ունենալով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան` որպէս մէկ միասնական պետութիւն: Այս բողոքի հաւաքը ցոյց է տալիս, որ հայ ժողովրդի մէջ դիմադրութիւնը չի մեռել. կա՛ն հայեր, կա՛յ ուժ, որը պայքարելու է իր ժողովրդի արժանապատուութիւնը պահելու համար», յայտարարած է Ա. Մինասեան:
Հետաքրքրական է, սակայն, որ Ռուսիոյ դեսպանութեան աշխատակիցները, անտեսելով երիտասարդ դաշնակցականներուն կոչերը` դուրս չելան բողոքի նամակը վերցնելու, որուն ի պատասխան, երիտասարդները համաձայնագիրի օրինակը ցուցադրաբար դրին դագաղի մը մէջ եւ նամակին հետ միասին ձգեցին դեսպանատան մուտքին: