ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔ-ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԱՌՆՉԱԿԻՑ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՉԱՓԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ
Եւրոպական Միութիւնը թուրք-կիպրական տագնապին առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց Կիպրոսի տագնապը աւարտելու համար «չափաւորականութիւն» ցուցաբերելու:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթընի բանբեր Մայա Քոսիանիչ յայտնեց, որ միութիւնը կը զօրակցի կղզիի վերամիացման բոլոր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ յոյն եւ թուրք կիպրացի ղեկավարներուն միջեւ բանակցութեանց:
Քոսիանիչ ըսաւ, որ ներկայիս Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մասին ակնարկները «ենթադրութեանց ծիրին մէջ են»` մերժելով մեկնաբանել, եթէ Եւրոպական Միութիւնը «թրքական սպառնալիքը» Պրիւքսելի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութեանց վնասաբեր կը նկատէ:
CATEGORIES Միջազգային

