ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի ունենալիք ընդհանուր գործադուլ-ցոյցի նախապատրաստութիւնները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ համադաշնակցութեան պահանջները կը ներկայացնեն աշխատաւորներու պահանջները:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ նաեւ, որ հիմնական պահանջն է սրբագրել լիբանանցիներուն աշխատավարձերը` նուազագոյն աշխատավարձը վերածելով մէկ միլիոն 250 հազար լ. ոսկիի, այլ պահանջ մըն է նաեւ փոխադրածախսը 8 հազար լ. ոսկիի փոխարէն վերածել 16 հազար լ. ոսկիի, պենզինի թիթեղին սակը մնայուն 25,000 լ. ոսկի դարձնել, մազութի թիթեղին սակը` 20,000 լ. ոսկի, ինչպէս նաեւ յաւելումներ կատարել կրթական նպաստներու եւ ընտանեկան թոշակներու սակերուն վրայ: