«ՄԵՆՔ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ԿԻՍԱՏ ՁԳԱԾ ԳՈՐԾԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ»

Ստորեւ կու տանք շաբաթ, 17 սեպտեմբերին Մուսա լերան հերոսամարտի 96-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ժողովրդային տօնակատարութեան ընթացքին Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեանի արտասանած խօսքը:

Պատգամ: Ի՞նչ պատգամ կը փոխանցեն մեզի Մուսա լերան Հերոսամարտի 18 նահատակները: Ի՞նչ խորհուրդ ունի հերոսամարտի տարեդարձը 96 տարիներ ետք:

Փորձենք քանի մը կէտերու մէջ հաղորդակցիլ հերոսներուն ձգած կտակին հետ եւ արժեւորենք Մուսա լերան հերոսամարտի դիրքն ու արժէքը հայ ժողովուրդի վերջին 100 տարուան պատմութեան մէջ:

եւ այսպէս`

Առաջին.- Մուսա լերան հերոսամարտը բարոյական յաղթանակներէ յոգնած հայ ժողովուրդին համար իսկական յաղթանակ է դարաւոր թշնամիին դէմ, փառաւոր ինքնապաշտպանութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան սեւ ու ողբերգական դէպքերուն վրայ` շողացող աստղ: Արդարօրէն, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Ցեղասպանութեան պարիսպին վրայ, ուր ներկայացուած են հայկական տարբեր շրջաններու անունները, որոնք արիւնով ներկուեցան Մեծ եղեռնի ընթացքին, Մուսա լեռը յաւերժութեան նշանով ներկայացուած է:

Այո՛. շնորհիւ Մուսա լերան հերոսական ժողովուրդին, Մուսա լեռը յաւերժ է. ան մահ չունի եւ պիտի ապրի այնքան ժամանակ, որքան հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ:

Երկրորդ.- Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ մարտիկներէն երկուքը ձգած են իրենց «կտակը»: Հերոսամարտի մեծագոյն հերոսներէն Յակոբ Գարակէօզեան (ըլլէուն-առիւծ անունով ճանչցուած), որ սարսափ ազդած էր շրջակայ գիւղերու ֆալլահներու շրջանակներուն մէջ, մահացու կերպով վիրաւոր վիճակին մէջ, կ՛ըսէ իր վերջին խօսքը. «Ձգեցէ՛ք զիս այս թուփերուն տակ, վերադարձէ՛ք ռազմաճակատ ու կռուեցէ՛ք հերոսաբար, մի՛ ձգէք, որ Ճեպել Մուսայի հողերը սրբապղծուին…»:

Այս պատգամը պէտք է արձագանգէ բոլորիս մտքերուն մէջ, ամէն օր եւ ամէն վայրկեան: Հերոսին երազը, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը, տակաւին չէ իրականացած: Մենք կոչուած ենք կիսատ գործը շարունակելու մեր բոլոր միջոցներով:

Երկրորդ հերոսը. Ճապրա Խեխոյեան, իր ընտանիքին գրած նամակին մէջ կ՛ըսէ.

«Ըննընք միրզ թըփրակէր աղբընք,
Տուշմանէն խուղէն չմիռնանք:
(«Ելլենք մեր թուփերուն տակ աղբ դառնանք, թշնամիի հողին վրայ չմեռնինք»:)

Հերոս Ճապրան կը նախընտրէ մեռնիլ իր հայրենի հողին վրայ, զէն ի ձեռին, պատուով:

Ուրեմն շարունակենք պայքարը, պատուով, քաջաբար, Մուսա լերան մարտիկներուն նման:

Երրորդ.- Մուսա լերան հերոսամարտը, անոր յաջող ելքը մեզի մնայուն կերպով կը յիշեցնեն Չարենցի պատգամը. հայ ժողովուրդի փրկութիւնը կը գտնուի իր միասնութեան մէջ, հաւաքական իր ուժին մէջ: Մուսալեռցիք երբ լեռ բարձրացան, միասին էին, միասին կռուեցան` առանց դաւանական եւ կուսակցական խտրութեան եւ զուր տեղ չէ ըսած պատմաբանը. «Հայրենիքի համար պէտք է կռուիլ այնպէս, ինչպէս կը կռուէին հայերը Մուսա լերան վրայ» (Հէնրիկ Վան Լուն):

Չորրորդ.- Այսօր կը շարունակուի մուսալեռցիներու պայքարը: Անոնք դժբախտաբար ցրուած են աշխարհով մէկ, սակայն բարեբախտաբար ունին իրենց շարունակականութիւնը. պատմական Վաքըֆ գիւղը, հայկական ինքնուրոյն դիմագիծով մեր գիւղը, հայրենիքի եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնները, վառ կը պահեն Մուսա լերան ոգին:

Սփիւռքի մէջ փաստօրէն Այնճարն է մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը, հետեւաբար, ինչպէս երգը կ՛ըսէ` «Մեր աչքի լոյս, մեր Այնճար», մեր աչքի լոյսին պէս պիտի պահենք Այնճարը: Հոս է, որ տակաւին կը գոյատեւեն մեր բարբառը, մեր աւանդութիւնները եւ կ՛ապրի մեր փառաւոր անցեալը:

Աշխարհի բոլոր մուսալեռցիները, իրենց բոլոր ուժերուն լարումով, կանգուն պիտի պահեն Մուսա լերան նոր բերդը, որ Այնճարն է: Այնճարի գոյութեամբ, զարգացումով ու յարատեւութեամբ յաւերժ կ՛ապրի Մուսա լեռը. հանգիստ կը ննջեն նահատակները:

Հինգերորդ.- Մուսալեռցիներու պատմութիւնը պայքարի պատմութիւն է, ճերմակ սաւանի վրայ Կարմիր խաչի դրօշակի պատմութիւն է, սակայն չմոռնանք, որ ասոնց խորքը աստուածային հաւատքն է եւ հրաշք փրկութիւնը: Մուսալեռցիք «խենթեր» էին, այո՛, բայց ամուր հաւատքի տէր «խենթեր» էին եւ հաւատք ունէին, որ իրենք կրնան փրկուիլ ծովէն: Եւ փրկուեցան: Անհաւատալի բայց իրաւ, խաչանիշ դրօշը դարձաւ մուսալեռցիներուն փրկութեան բանալին եւ Աստուծոյ օգնութեամբ անոնք փրկուեցան: Հաւատքը փրկեց մուսալեռցիները: Բոլորս կոչուած ենք միշտ ամուր պահելու մեր հաւատքը` Մուսա լերան ամրակուռ ժայռերուն նման:

«Կտոր մը ժայռ էր Ճեպէլ Մուսան», հաւատքի ժայռ, ինչպէս կը բնորոշէ մուսալեռցի գրող Եդուարդ Պոյաճեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES