ԸՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԻՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Պոլսոյ մէջ «Բարեփոխումներու ղեկավարներու վեհաժողով»ին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ ունի խնդիրներ եւ իր կարելին պիտի ընէ զանոնք լուծելու:

«Հայաստանի հետ խնդիրներ ունինք: Կ՛ուզենք կարգաւորել զանոնք եւ պարտաւոր ենք լուծել այդ խնդիրները, որովհետեւ Հայաստանը մեզի համար ունի հետեւեալ նշանակութիւնը. անցեալին այս հողերուն վրայ մեծ թիւով հայեր ապրած են, մեր պալատները հայերը կառուցած են, անոնք մեր հարստութիւնն էին: Հայերուն հեռանալով` մենք կորսնցուցինք մեր հարստութիւնը», ըսած է Արընչ` ընդգծելով, որ իրենք իրենց կարելին պիտի ընեն` Հայաստանի հետ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու համար:

Share this Article
CATEGORIES