ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. 3-8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ` ՄՈՆ ԼԱ ՍԱԼԻ ՄԷՋ

Երէկ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 3-8 հոկտեմբերին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց անհատական եւ զոյգի, ինչպէս նաեւ խառն զոյգի մրցումները:

Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել այս ախոյեանութեան, առաւելագոյնը մինչեւ 1 հոկտեմբեր իրենց անունները պէտք է արձանագրեն` ֆաքսով 04-211364, եւ կամ ե-նամակի հետեւեալ հասցէին կապուելով. [email protected]:

Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին տեղի պիտի ունենայ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES