ՌՈԺԷ ՖԸՂԱԼԻ` «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.»Ի «ՍՔՈՐ» ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԻՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԻՒՐԸ

Իւրաքանչիւր երեքշաբթի օր «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հիւրընկալէ տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մարզիկներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ` «Սքոր» մարզական յայտագիրին ընդմէջէն:

Անոր այսօրուան հիւրն է նախանցեալ օր Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելիի տիտղոսին տիրացած լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի, որ այդ ռելիին 9-րդ անգամ տիրանալով նոր մրցանիշ մը հաստատեց:

Նշենք, որ յայտագիրը կը վարէ փորձառու մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի: Անիկա պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 23:00-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES