ԴԱՐՉԻՆԵԱՆ, ԱԲՐԱՀԱՄ, ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐԳԱՐՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՎ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով, նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կղերականներ, մտաւորականներ եւ տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մարզիկներ:
Այդ ընդունելութեան ընթացքին, արհեստավարժ կռփամարտիկներ Աւետիք Աբրահամեան (Արթուր Աբրահամ) եւ Վախթանկ (Վիք) Դարչինեան պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան շքանշաններով եւ մետալներով:
Պարգեւատրուողներուն շարքին էին նաեւ Արկադի Անդրէասեան եւ Էդուարդ Մարգարով:
CATEGORIES Մարզական