ՎԱՆ ՊԱՍԹԸՆ` ՀԱՄՊՈՒՐԿԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻ՞Չ

Մարքօ Վան Պասթըն

Գերմանական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ հոլանտացի անցեալի աստղ Մարքօ Վան Պասթըն նշանակուի Պունտըսլիկայի կազմերէն Համպուրկի մարզիչ` փոխարինելով Միքայէլ Օյենինկը, որ նախանցեալ օր պաշտօնանկ եղաւ, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Վան Պասթընը մարզիչ նշանակելու մէջ իր կարեւոր դերը կրնայ ունենալ ակումբի թեքնիք տնօրէն Ֆրանք Առնեսեն:

Կը խօսուի նաեւ Պեռնտ Շուսթըրի եւ Հուփ Սթիւընսի մասին:

Share this Article
CATEGORIES