ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

ՎԱՐԴԱՆԸ ՔԱՋ Կ՛ԵՐԹԱ՞Յ ՄԻՇՏ ՅԱՌԱՋ

Լիբանան կը շարունակէ մնալ համայնքներու երկիր` ցնոր տնօրինութիւն: Համայնքային դրութիւնը, հակառակ իր ժխտական դրսեւորումներուն, Լիբանանի հայութեան տուած է սահմանադրականօրէն այնպիսի իրաւունքներ, որոնց չենք հանդիպիր աշխարհի տարածքին այլ երկիրներու մէջ, ուր հայութիւնը ունի հաւաքական ներկայութիւն:

Խնդիրը սակայն, չի վերաբերիր տրուած կամ ձեռք բերուած իրաւունքներուն այնքան, որքան կը վերաբերի այդ իրաւունքները արժեցնելու, զանոնք ամրակայելու եւ անոնց հանդէպ յարգանք պարտադրելու հարցին:

Երկու շաբաթ առաջ, հինգշաբթի, Լիբանանի հայութիւնը տօնեց Վարդանանց հերոսամարտի տարեդարձը: Կատարուեցան եկեղեցական արարողութիւններ, դպրոցական ձեռնարկներ, փակ մնացին հայկական կարգ մը հաստատութիւններ:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ 451-ի Աւարայրի հերոսամարտը անվիճելիօրէն հայութեան գոյութեան պահպանման ամէնէն ամուր հիմնաքարն է: Այդ հերոսամարտէն ետք ամէն յաղթանակ եւ նուաճում կը բխի Վարդանանց խիզախութենէն եւ եկած է օղակ մը եւս աւելցնելու Հայաստանի եւ հայութեան յաւերժութիւնը պահպանած ամուր շղթային վրայ:

Պարզ ասած առանց Վարդանանց հերոսամարտի, գոյութիւն պիտի չունենար Հայաստանը, պիտի չապրէր հայութիւնը: Հետեւաբար, իբրեւ ազգային, կրօնական, քաղաքական յաղթանակ, անկարելի է մոռնալ, չյարգել, չյիշել ու մանաւանդ չյիշեցնել այս տօնը մեզի ու յատկապէս մեզ շրջապատող հաւաքականութեանց:

Այսքան` տօնին կարեւորութեան մասին:

Հարցը միւսն է սակայն, իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը` որքանո՞վ մենք այս տօնը կը վերածենք յարգանք պարտադրող տօնի, որ մեզ, իբրեւ համայնքի, պիտի տարբերէ այլ համայնքներէ:

Այս իմաստով, անհրաժեշտ է արձանագրել կարգ մը իրականութիւններ, որոնք բացատրութիւններ եւ պատրուակներ ունենալով հանդերձ, ցաւալի են եւ ոչ մէկ պարագայի արդարանալի:

Այսպէս, առաջին հերթին, ոչ հեռու անցեալին, դեռ տասնամեակ մը առաջ, Վարդանանց տօնին առիթով հայկական վարժարաններուն մեծամասնութիւնը կը ստանար հինգ օրուան վրայ երկարող արձակուրդ հինգշաբթիէն երկուշաբթի (ներառեալ Բարեկենդանը): Կրթական ծանրաբեռնուածութեան պատրուակով այդ արձակուրդը կը տրուի միայն հինգշաբթի օր: Չմոռնանք սակայն, որ նոյն ծանրաբեռնուածութիւնը պատճառ չի դառնար, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի արձակուրդները տեւեն 10-15 օր, կամ այլ պատճառներով, ու նուազ կարեւոր քան Վարդանանց տօնը, վարժարանները փակուին:

Դարձեալ, ոչ շատ հեռու անցեալին, ոչ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, Վարդանանքը կը տօնուէր ժողովրդային տօնակատարութեամբ, ուր կը գործադրուէր պատշաճ յայտագիր ու կը փոխանցուէր օրուան խորհուրդը: Այսօր կը հետեւինք ու մամուլին մէջ կը կարդանք պարզապէս դպրոցական մակարդակի ձեռնարկներու մասին, որոնք անտարակոյս անհրաժեշտ են ու պէտք է շարունակուին, բայց վստահաբար բաւարար չեն:

Ապա պէտք է յիշել եկեղեցական արարողութիւնները: Ցաւօք արձանագրենք, որ Վարդանանց տօնին առիթով Ս. պատարագին հազիւ թէ եկեղեցիներու քանի մը նստարանները կը գրաւուին, այդ ալ բարեպաշտ հայրենակիցներու կողմէ:

Ընդառաջելով ազգային կառոյցներու կոչին` նոյն այս տօնին առիթով կը փակուէին հայկական հաստատութիւնները: Եւ երբ հաստատութիւն կ՛ըսենք, չենք խօսիր միայն Պուրճ Համուտի կարգ մը թաղամասերու վաճառատուներուն մասին, այլ` հայերու կողմէ սեփականութիւն եղող բոլոր վաճառատուներուն, մեծ ու փոքր գործատեղիներուն, գետնայարկ թէ բարձր շէնքերու մէջ հաստատուող աթիլիեներուն, հայերու եւ Լիբանանի տնտեսութեան պարծանք եղող արտադրողական մեծ գործատուներուն մասին:

Ցաւով արձանագրենք, որ երկու շաբաթ առաջ, հինգշաբթի օր, Վարդանանց տօնին առիթով, բաց մնացած էին յարգանքի ու պատիւի արժանացող պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող ազգայիններու մեծ գործատուները, Անթիլիասէն Պուրճ Համուտ երկարող ներքին եւ արտաքին ճամբաներու վրայ գոյութիւն ունեցող հայկական վաճառատուները, Պուրճ Համուտի ներքին թաղերու կարգ մը խանութներ, ու մինչեւ իսկ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ գտնուող կարգ մը հայկական հաստատութիւններ:

Պատճա՞ռը, պատրուա՞կը…

Գործերը լաւ չեն արդէն, հաստատութեան պաշտօնեաները հայ չեն, միջազգային եւ տեղական շուկային հասցնելիք գործեր կային, արդէն ես պէտք եղածը կ՛ընեմ հայութեան, ձգեցէք` գործ աշխատինք…

Իսկ նոյն հաստատութիւնները կ՛ունենան իրենց տարեկան երկար արձակուրդները կամ այլոց կողմէ պարտադրուած տարբեր առիթներու կը փակեն իրենց հիմնարկները եւ դեռ, հայ ուսանողներու, աշակերտներու եւ պաշտօնեաներու պարագան:

Համալսարանական քանի՞ հայ ուսանող այդ օր, յատուկ բացատրութիւն տալով, բացակայեցաւ համալսարանէն, որպէսզի ուշադրութիւնը գրաւէ իր դասընկերներուն, թէ հայկական տօնի մը` մեր գլխաւոր տօնին ինք յարգանք կը տածէ եւ կ՛ակնկալէ նոյն յարգանքը ուրիշներէն: Պատրուա՞կ, թէ չ՛ուզեր դասապահ կորսնցնել: Իսկ քանի՜ քանի՛ անգամ անձնական եւ նոյնիսկ քմահաճոյքի պատճառով նոյն այդ  ուսանողը բացակայած կ՛ըլլայ համալսարանէն:

Իր զաւակը օտար վարժարան ղրկող քանի՞ հայ ծնողք այդ օր մտածեց իր զաւակը չղրկել դպրոց` պարզապէս սորվեցնելու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Վարդանանց, եւ զգացնել տալու անոր դասընկերներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, թէ մենք ինչպէ՛ս գիտենք յարգել մեր արժէքներն ու պատմութիւնը:

Զանազան մարզերու մէջ գործող հայ պաշտօնեաները, օտար դպրոցներու կամ համալսարաններու ուսուցիչ-դասախօսները բնաւ մտածեցի՞ն իրենց շնորհուած տարեկան արձակուրդին կամ այլ պատճառներով բացակայելու առիթէն մէկ օր պակսեցնել ու բացակայիլ, պարզապէս յիշեցնելու, թէ մենք ինչպէ՛ս կը յարգենք մեր տօներն ու աւանդութիւնները:

Չենք կասկածիր ոեւէ հայու հայկականութեան:

Պարզապէս կը նշենք, որ համայնքային այս երկրին մէջ, եթէ մենք մեզ չյարգենք, ոչ ոք մեզ կը յարգէ:

Անցածը անցած է:

Թերեւս յառաջիկային աւելի լուրջ կրնանք վերաբերիլ նման հարցերու պարագային:

Իսկ այս լրջութիւնն ու նպատակաուղղուած վերաբերումը պատասխանատուութիւնն է Լիբանանի հայկական բոլոր կառոյցներուն, եկեղեցիէն սկսեալ մինչեւ կուսակցութիւններ, քաղաքական դէմքեր, միութիւններ թէ անհատներ:

Որպէսզի օր մը հարց չտանք մենք մեզի, թէ արդեօ՞ք «Վարդանը քաջ կ՛երթայ միշտ յառաջ»:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS