ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑԸ ԿԻՐԱՐԿԵՑ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա փակած է իր օդային տարածքը Սուրիոյ սպառազինութիւն մատակարարող օդանաւերուն համար:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ Անգարա Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին կը մտածէ:
Միւս կողմէ, արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար սուրիական վարչակարգին տապալման յաջորդող հանգրուանը եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէ մը խուսափելու կարելիութիւնները:
Մինչ այդ` Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ զգուշացուց, որ Սուրիոյ մէջ յարանուանական բախումներ տեղի կրնան ունենալ, եթէ Դամասկոս քաղաքայինները ճնշելը շարունակէ:

