ՇԱԼՔԷ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ԻՐ ՄԱՐԶԻՉԸ

Ֆելիքս Մակաթ

Պունտըսլիկայի կազմերէն Շալքէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Ֆելիքս Մակաթը, հակառակ անոր որ վերջինս ճիշդ շաբաթ մը առաջ իր կազմին ապահովեց «Չեմփիընզ Լիկ»ի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի տոմս մը:

«Հակառակ անոր որ ան մինչեւ 2013 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր ակումբին հետ, սակայն որոշեցինք անոր այդ պայմանագրութիւնը ջնջել: Մեր կատարածին մէջ արդարացի ըլլալով հանդերձ, այդ ուղղութեամբ չենք ուզեր որեւէ յայտարարութիւն կատարել», ըսաւ ակումբի նախագահ Քլեմենս Թոյենիս:

Նշենք, որ Մակաթ 2009-ին միացաւ Շալքէի` Վոլֆսպուրկի հետ Գերմանիոյ ախոյեան հանդիսանալէ ետք:

 

Share this Article
CATEGORIES